2012-07-11 13:02:32

Նոր Կինէն Նշեց Երանելի Բիէր Թորոթի Ծննդեան 100 Ամեակը`
<<Ընտանեկան Կեանքի Ախոյեան>>


Նոր Կինէյի քրիստոնեայ հասարակութիւնը անցեալ 7 յուլիսին նշեց երանելի Բիէր Թորոթի ծննդեան 100 ամեակը, նահատակ երանելիին նուիրուած յատուկ տարուոյն ընթացքին։

Բիէր Թորոթը նահատակուած է 1945ին բազմամուսնութեան դէմ ընդդիմացած ըլլալուն համար։ Արդարեւ համաշխարհային Բ պատերազմի ընթացքին ճաբոնցի զինուորներ կը գրաւեն անոր գիւղը ու կը ձերբակալեն հոն գործող կղերականները, առ այդ Բիէր Թորոթը կը ստանձնէ իր հայրենակիցներուն հոգեւոր կեանքի հոգատարութիւնը ։Երբ իշխանութիւնները բազմամուսնութիւնը օրինաւոր կը դարձնեն, Բիէր Թորոթը կ՛ընդդիմանայ այս օրէնքին ու այս պատճառաւ մահու կը դատապարտուի յուլիս 1945ին։ Բիէր Թորոթը Նոր Կինէի առաջին երանելին է հռչակուած երջանկայիշատակ ՅՊԲ օրով 17 յունուար 1995ին։
Կարեւոր այս յոբելեանի առթիւ Րապաուլի եպիսկոպոսը գերապայծառ ֆրանչէսքօ Բանֆիլոն հովուական թուղթ մը հրատարակած է << երանելի Բիէր Թորոթ` Ընտանեկան կեանքի ախոյեան>> վերատրութեամբ։
Մինչ Բիէր Թորոթի ծննդեան 100 ամեակի առթիւ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը` Կարտինալ Ժոչէֆ Զէն Զէ Քիունը նշանակած է որպէս իր յատուկ նուիրակը գլախւորելու համար յոբելինական տօնախմբութիւնները։

Բիէր Թորոթի աւետարանցումի առաքելութիւնը կը շարունակուի անոր անուան ստեղծուած ռատիոկայանի եւ հեռուսատատեսիլի կայաններու միջոցաւ որոնք ծնունդ առին այս տարի։








All the contents on this site are copyrighted ©.